image

AMAA-ի հովանաւորութեամբ. Հայասա թատերախումբի փայլուն՝ «Սիրոյ սեղան» ներկայացումը՝ Երեւանի մէջ (Լուսանկարներ)

  AMAA-ի հովանաւորութեամբ.  Հայասա թատերախումբի  փայլուն՝ «Սիրոյ    սեղան» ներկայացումը՝ Երեւանի մէջ (Լուսանկարներ)

AMAA-ի հովանաւորութիւնը ունեցող «Հայասա» թատերախումբը հերթական փայլով մը հանրութեան ներկայացուց «Սիրոյ սեղան» թատերախաղը։ 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հայաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պաշտօնական կայքէն, ուրկէ կը կարդանք՝ 

Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան «Հայասա» թատերախումբի «Սիրոյ սեղան» ներկայացումը 11 եւ 12 ապրիլին աւելի քան 600 հանդիսատեսի պատմած է Քրիստոսի յարութեամբ մարդկութեան բերուած սիրոյ ու հաշտութեան մասին: 

Բեմադրիչ Նունէ Աբրահամեանի մտայղացմամբ ներկայացման հիմքը «Անառակ որդիի վերադարձը» աստուածաշնչեան առակն էր: Բեմին վրայ փորձառու դերասաններ էին: Հօր կերպարը մարմնաւործ էր ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Սամուէլ Բաղինեան:

«Հա՛յր, տու՛ր ինծի իմ հասանելիք բաժինը»,- անառակ որդիի այս խօսքերը տակնուվրայ կ'ընեն ընտանիքի անդորրն ու այդ օրուընէ հայրը տան սեղանի հացը չի կիսեր: Դեգերումներէ յետոյ տուն վերադարձած որդիին հօր գրկաբաց ընդունելութիւնը կը բարկացնէ աւագ որդին: Թշնամանքը կը խորանայ մինչեւ հօր մահը, եւ միայն հօր ինքնազոհ սէրը կը հաշտեցնէ եղբայրները: 

Ներկայացումը կ'աւարտի վերջին ընթրիքի տեսարանով, ուր յարուցեալ Քրիստոսը խորհրդանշող հայրը վերջապէս կը կիսէ հացը՝ սիրոյ սեղանի շուրջ:

Քրիստոսի ինքնազոհ, առանց նախապայմաններու սիրոյ մասին անուղղակիօրէն պատմող ներկայացումն անտարբեր չէ թողած հանդիսատեսը:

Ամփոփման խօսքին նշուած է, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեամբ է, որ կը բացուի սիրոյ սեղանը։ Աստուած կ'որդեգրէ եւ Իր ընտանիքին մէջ կը ներառէ Քրիստոսի շնորհքով փրկուածները։ Այսօր եւս Իր սեղանին հաղորդակից ըլլալը իրական է միայն Քրիստոսով։