Աշխարհատարած Հայութեան համար, երկիր Հայաստանի համար գերակայ օրակարգ կը շարունակէ մնալ Արցախը հայկական պահելու հիմնարար օրակարգը։
Օրակարգ, որ պատերազմէն ետք ունեցաւ տարբեր շեշտաւորումներ ու այս առումով ալ աւելի քան յստակ դարձած է, որ Հայաստանի, Արցախի եւ Հայութեան հակառակորդներուն համար գոյութիւն ունի մէկ խնդիր, որն է հայաթափել հայաշունչ Արցախը։
Ու կանխելու համար այս վտանգը մեր առջեւ կայ մէկ ուղի եւ մէկ առաքելութիւն, որն է ամուր պահել Արցախը ու նաեւ ամէն ճիգ ի գործ դնել, որպէսզի մեզի համար սրբազան ու պապենական հող համարուող այդ երկրային դրախտը չհայաթափուի։
Անշուշտ այս գաղափարին շուրջ կը շարունակեն համախմբուած մնալ հայութեան ամենատարբեր շերտերը, որոնցմէ շատ-շատեր առանց աղմկելու կը շարունակեն Արցախին սատար կանգնելու առաքելութիւնը։
Այս առումով ուշագրաւ է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) տարած ճիգերը, որոնց մասին տեւաբար անդրադարձած ենք ու պիտի մնանք ականջալուր եւ արձագանգող։
Անցեալ տարի ԱՀԱԸ-ն (AMAA) 20 բնակարան հիմնանորոգեց Արցախի Ստեփանակերտ եւ Մարտունի քաղաքներուն մէջ, որուն շնորհիւ 100 բնակիչ կարողացաւ վերադառնալ իր տունը պատերազմէն յետոյ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ԱՀԱԸ-ի դիմատետրի էջէն։
Համանման աշխատանքներ կ'ընթանան այս տարի նոր տուներ կառուցելու Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ սահմանամերձ գիւղին մէջ։
ԱՀԱԸ-ն կը ծրագրէ նաեւ մանկապարտէզ մը այստեղ՝ խթանելու կրթութիւնը եւ պատկանելութիւնը վտանգուած գիւղին մէջ։