1988 թուականի Դեկտեմբեր 7-ին՝ ժամը 11։41-ին, երկրաշարժը ցնցեց Հայաստանի հիւսիսը։ Սպիտակի երկրաշարժը աւելի քան 25 հազար մարդու կեանք խլեց։ Աւելի քան 500 հազար մարդ անօթեւան մնաց։ Երկրաշարժը ընդգրկեց ՀՀ տարածքին մօտ 40 տոկոսը: Տուժեց 21 քաղաք եւ շրջան, 342 գիւղ: Լրիւ կամ մասնակի աւերուեցան Սպիտակ, Լենինական, Կիրովական, Ստեփանավան քաղաքները, աւելի քան 230 արդիւնաբերական վայրեր։
Փլուզուած զանգուածներու տակ յայտնուեցան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ։ Աւերուեցան դպրոցներ, հիւանդանոցներ։
Հայաստանին օգնութեան ձեռք մեկնեցին աշխարհի աւելի քան 113 երկիրներ եւ 7 միջազգային կազմակերպութիւններ։