ՀՀ առողջապահութեան նախարարի 2020 թուականի Սեպտեմբեր 11-ի թիւ 23-Ն հրամանով կատարուած փոփոխութեան համաձայն՝ «Քովիտ» հիւանդութեան տարածման վտանգը նուազեցնելու նպատակով, Նոյեմբեր 1-էն դիմակի կրումը պարտադիր է նաեւ բնակութեան վայրի բնակելի տարածքէն դուրս գտնուած ժամանակ՝ հանրային բաց տարածքներու մէջ:
Բնակութեան վայրի բնակելի տարածքէն դուրս գտնուած ժամանակ՝ հանրային բաց տարածքներու մէջ դիմակ չկրելու պայմաններն են.
✔️Տարիքը՝ 0-5 տարեկանը ներառեալ,
✔️Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի, Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, վարչապետի, Ազգային ժողովի նախագահի, Սահմանադրական դատարանի նախագահի, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահի գլխաւորութեամբ կայացուող արարողակարգային միջոցառումներու ժամանակ ելոյթ եւ ուղերձ ունեցողներ եւ միջոցառման անմիջական մասնակիցներ (բացառութեամբ լրագրողներու եւ սպասարկող անձնակազմի).
✔️քրոնիկ շնչառական հիւանդութիւններու առկայութիւն՝ ասթմա, թոքերու քրոնիկ հիւանդութիւն, էմֆիզեմա կամ պրոնխիտ` ծանր շնչառական անբաւարարութիւն, 3-րդ, 4-րդ դասի քրոնիկ սրտային անբաւարարութիւնը՝ պայմանով, որ նշուած անձինք իրենց մօտ ունենան համապատասխան հիւանդութեան փաստը հաստատող բժշկական փաստաթուղթ,
✔️ֆիզիքական վարժութիւններ կամ հեծանւավարութիւն իրականացնել.
✔️բացօթեայ հանգստի նպատակով յատուկ առանձնացուած վայրերու մէջ, հանգստեան գօտիներու եւ լողափներու մէջ, սարերու, անտառներու եւ նմանատիպ բացօթեայ տարածքներու մէջ, սակայն ոչ՝ զբօսայգիներու, քաղաքային պուրակներու, բուսաբանական եւ կենդանաբանական այգիներու մէջ, պատմամշակութային վայրեր այցելութիւններու, ուխտագնացութեան, որպէս տնտեսական գործունէութիւն կազմակերպուած՝ անհատական եւ խմբային արշաւներու, քայլարշաւներու, ուղեւորութիւններու եւ նման բնոյթի այլ միջոցառումներուն մասնակցութիւնը,
✔️հեռուստահաղորդավարներու` հեռուստահաղորդումներու եւ հեռուստածրագրերու հեռարձակման ժամանակ հեռուստատեսային տաղաւարին մէջ միայնակ գտնուիլը,
✔️ հեռուստահաղորդումներու հեռարձակման ժամանակ սուրտոթարգմանութիւն իրականացնողնլը,
✔️խուլ-համրութիւնը (խլութեամբ տառապող անձեր, որոնք շրթունքներու շարժումներուն հետեւելով կ'ընկալեն խօսքը),
✔️հոգեկան խանգարումները եւ վարքի խանգարումները,
✔️իմացական խանգարումները,
✔️դեմքի վնասուածքը կամ դիմածնոտային միջամտութիւնը.
✔️ծխելը, խմելը եւ սնուիլը: