Սուրիոյ զինուած ուժերը վերատեղակայած են իրենց ստորաբաժանումները` լքելով Համան եւ ամրապնդուելով քաղաքի սահմաններէն դուրս գտնուող դիրքերուն վրայ: Տեղեկութիւնը յայտնած է Սուրիոյ պաշտպանական գերատեսչութիւնը։
«Զինուորական ստորաբաժանումները քաղաքի սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած բախումներէն ետք վերատեղակայումներ իրականացուցած են քաղաքացիական բնակչութեան կեանքը պահպանելու նպատակով», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Աւելի վաղ նշուած էր, որ Սուրիոյ մեծութեամբ չորրորդ քաղաքի ճակատագիրը հարցականի տակ է: Հալէպի գրաւումէն ետք գրոհայինները մօտեցած են Համա քաղաքին եւ կը պատրաստուին գրոհել այն։ Անոնց դէմ է սուրիական բանակի ընտրանի ստորաբաժանումը՝ «Վագրի ուժը», որ հակառակորդները ետ մղած է քաղաքէն։
«Ահաբեկչական խմբաւորումները մեծ կորուստներ կը կրեն Համա նահանգին մէջ սուրիական զինուած ուժերու դէմ մարտերուն»,- հինգշաբթի յայտնած է երկրի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Նշուած է նաեւ, որ Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ օդուժը օդային հարուածներ հասցուցած է ահաբեկչական խմբաւորումներուն։ Բացի այդ՝ սուրիական կողմն աշխուժօրէն հրետանի կը կիրառէ։
Իրենց հերթին, տեղական լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ զինուած խմբաւորումները յայտարարած են Համա քաղաքի վրայ յարձակում սկսելու մասին։
Անցեալ շաբաթ Սուրիոյ մէջ անոնք գրոհած էին սուրիական Իտլիպ ու Հալէպ նահանգները եւ կարողացած է արագ վերահսկողութեան տակ վերցնել շարք մը բնակավայրեր։