image

Յոյսով ենք՝ Հայաստան անպատասխան չի ձգեր Անգարայի եւ Պաքուի մեկնած խաղաղութեան ձեռքը. Հուլուսի Աքար

Յոյսով ենք՝ Հայաստան անպատասխան չի ձգեր Անգարայի եւ Պաքուի մեկնած խաղաղութեան ձեռքը. Հուլուսի Աքար

Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար կոչ ըրած է փակելու տարածաշրջանի մէջ հակասութիւններու ու ատելութեան էջը եւ սկսելու կառուցել ընդհանուր ապագայ՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի նորմերու յարգման վրայ։ Այս մասին յայտնած է «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Աքար բարձր գնահատած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու դիրքորոշումն ու տարածաշրջանին մէջ «խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման» մասին յայտարարութիւնները։

«Մենք անկեղծօրէն յոյս ունինք, որ Հայաստանը անպատասխան չի ձգեր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մեկնած խաղաղութեան ձեռքը»,- ընդգծած է թուրք նախարարը։

Եզրափակելով՝ Աքար մատնանշած է Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու, ներառեալ՝ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» բացման կարեւորութիւնը։

Աքար իր ելոյթը եզրափակած է «Կեցցէ՜ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ եղբայրութիւնը» խօսքերով։