image

Ըստ Մաքրոնի՝ Ֆրանսան Ուքրանիոյ հովանաւորը կրնայ ըլլալ

Ըստ  Մաքրոնի՝  Ֆրանսան Ուքրանիոյ հովանաւորը կրնայ ըլլալ

Ֆրանսան պատրաստ է զինադադարէն յետոյ երաշխաւորի դեր կատարելու Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ: Այս մասին ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն:

«Ինչ-որ պահի զինադադար պիտի ըլլայ, եւ մենք ստիպուած պիտի ըլլանք խաղաղութիւն կառուցել: Այդ հնարաւոր չէ ընել առանց երաշխաւորի, եւ Ֆրանսան կոչուած է ըլլալու այդպիսի երաշխաւորներէն մէկը», ըսած է Մաքրոն:

Ան ընդգծած է, որ պատրաստ է շարունակելու հեռախօսազրոյցները Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` անկախ անոր արդիւնքներէն, քանի որ այդ թոյլ կու տայ Փարիզին  «պահպանելու բանակցութիւններու մասնակիցի կարգավիճակը»: «Այդ իմ պարտքն է: Եւ եթէ նոյնիսկ ես կը կարծեմ, որ մինչեւ Մայիսի կէսերը արդիւնք պիտի չըլլայ, ապա այդ օգտակար պիտի ըլլայ ապագային խաղաղութեան պատրաստուելու համար», ըսած է Մաքրոն: