Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը 14 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սերպիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թաթիանա Պանայոթովիչ Ցվեթկովիչը:
Ողջունելով հիւրը՝ ՀՀ ԱԺ նախագահը նշած է, որ ուրախ է այն փաստի առթիւ, որ ինք եղած է, Հանրապետութեան նախագահը փոխարինելու ընթացքին, անոր հաւատարմագրերը ընդունողը՝ աւելցնելով, որ Երեւանի մէջ մշտական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հիմնումը հայ-սերպական յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան լաւագոյն խթանն է: Կողմերն անդրադարձած են խորհրդարանական դիւանագիտութեան կարեւորութեան՝ ելակէտային համարելով փորձի փոխանակումն ու փոխայցերը:
Ալեն Սիմոնեանն առանձնացուցած է բարեկամական խումբերու սերտ շփումները՝ առանցքային նշանակութիւն տալով Սերպիոյ հետ սերտ համագործակցութեան ծաւալման միջազգային կառոյցներու՝ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի, ԵԽ-ի, ՍԾՏՀ-ի շրջածիրերէն ներս:
Անդրադարձ եղած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ անվտանգութեան հարցերուն: Ալեն Սիմոնեան նշած է, որ Հայաստանը հանդէս կու գայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու օրակարգով:
Քննարկուած են հայ-սերպական բազմոլորտ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները: