image

Ոչ եւս է Լիբանանի շիիթներու առաջնորդ՝ Ապտըլ Ամիր Քապալանը

Ոչ եւս է Լիբանանի շիիթներու առաջնորդ՝ Ապտըլ Ամիր Քապալանը

  Լիբանանի մէջ  իր  մահկանացուն կնքած է Լիբանանի շիիթ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ՝ Շէյխ Ապտըլ Ամիր Քապալանը։

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ լիբանանեան լրասփիւռներէ։

 

 Կը նշուի, որ Քապալան վերջին շրջանին ունեցած է առողջական խնդիրներ, որոնց հետեւանքով ալ օրեր առաջ փոխադրուած է հիւանդանոց եւ այնտեղ ալ մահացած։

 

 

 Մեր ընթերցողաց յիշեցնենք, որ Ապտըլ Ամիր Քապալան առեւանգուած Մուսա Ալ Սատըրին հետ, ինչպէս նաեւ Մոհամմատ Մահտի Շամսալտինին հետ եղած է համահիմնադիրը Լիբանանի շիիթներու կրօնական խորհուրդին («Ալ մաճլաս ալ շիհի ալ ահլա»)։

 

 Շէյխ Քապալանի (85 տարեկան) վերջին հրաժեշտի արարողութիւն պիտի կատարուի յառաջիկայ երեքշաբթի օր։