Դամասկոսը մեղադրած է Անգարան՝ Սուրիոյ մէջ էթնիկ զտումներ իրականացնելու համար: Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Դամասկոսը կը մերժէ Թուրքիոյ թշնամական գործողութիւնները, որոնք իրականացուած են մի քանի օր առաջ Հասիչէ քաղաքին մերձակայքը: Այդ գործողութիւններուն հետեւանքով քաղաքացիական անձերու շրջանին մէջ կան զոհեր եւ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ բնակիչներուն հասցուած է գոյքային վնաս:
«Սուրիոյ մէջ այսպէս կոչուած «ապահովական գօտի» ստեղծելու Թուրքիոյ գործողութիւնները յարձակում են եւ Էրտողանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող էթնիկ եւ աշխարհագրական զտումներու քաղաքականութեան մէկ մասն են: Ասոնք ռազմական յանցագործութիւններ են եւ անմարդկային արարքներ, որոնք կը դատապարտուին ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ եւ միջազգային իրաւունքով», ըսուած է Սուրիոյ ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ:
Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ զինուած ուժերը հակաահաբեկչական գործողութիւններ պիտի սկսին երկրի սահմաններուն, այդ մասին շուտով որոշում պիտի կայացուի: