ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ սեպտեմբեր 25-ին Սպիտակ տան մէջ պիտի ընդունի իր թուրք գործընկեր Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։
Truth Social-ի մէջ ան գրած է․ «Ուրախ եմ սեպտեմբեր 25-ին Սպիտակ տան մէջ ողջունելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։ Անոր հետ կ՚աշխատինք առեւտրային եւ պաշտպանական բազմաթիւ համաձայնագրերու վրայ, այդ շարքին՝ Boeing ինքնաթիռների գնումներու, F-16 կործանիչներու հետ կապուած գործարքի եւ F-35-ի վերաբերեալ բանակցութիւններու շարունակութեան ուղղութեամբ, որոնք կ՚ակնկալենք՝ դրական աւարտ պիտի ունենան»։
«Նախագահ Էրտողանի եւ իմ միջեւ միշտ ալ շատ լաւ յարաբերութիւններ եղած են: Կ՚ակնկալեմ սեպտեմբեր 25-ին տեսնել ցինք»,-նշած է Թրամփը: