image

«Թալեպան» շարժումէն առաջարկ՝ Թուրքիոյ

«Թալեպան» շարժումէն առաջարկ՝ Թուրքիոյ

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան դատապարտած է Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի Համիտ Քարզայի միջազգային օդակայանի տարածքը տեղի ունեցած շարք մը ահաբեկչութիւնները ըսելով, որ «թալեպ»ները Թուրքիոյ առաջարկած են կառավարել Քապուլի օդակայանը, սակայն Անգարան այդ հարցով դեռ որոշում չէ կայացուցած, յայտնում է Anadolu գործակալութիւնը:

«Նման ճգնաժամային ժամանակաշրջանին Իսլամական պետութեան կողմէ իրականացուած ահաբեկչութեան փաստը ցոյց կու տայ այս ահաբեկչական կազմակերպութեան վտանգի աստիճանը տարածաշրջանի եւ աշխարհի համար»,- ըսած է Էրտողանը Պոլսոյ Աթաթուրքի անուան միջազգային օդակայանը կայացած մամլոյ ասուլիսին Պոսնիա եւ Հերցեկովինա մեկնելէն առաջ:

Նախագահ Էրտողան նաեւ մեկնաբանած է Թալեպանի հետ բանակցութիւններ վարելու հնարաւորութիւնը՝ յայտարարելով, որ «Թուրքիան մտադիր չէ որեւէ մէկուն հարցնել, թէ որու հետ, ուր, երբ ու ինչպէս բանակցիլ»:

Բացի այդ, թուրք առաջնորդը ուշացած համարած է օդակայանի կառավարման ուղղութեամբ Թուրքիոյ հետ աշխատելու Գերմանիոյ որոշումը: «Երբ բոլորը լքեցին Աֆղանիստանը, մենք մնացինք», - շեշտած է Էրտողան: