image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիա. Ամերիկեան «Ալ Թանաֆ» զօրակայանը գրոհի ենթարկուեցաւ

Սուրիա.  Ամերիկեան «Ալ Թանաֆ» զօրակայանը գրոհի ենթարկուեցաւ

«Ալ Թանաֆ» զօրակայանը, ուր տեղակայուած են ամերիկեան եւ բրիտանական ուժերը, ենթարկուած է հրթիռային յարձակման՝ պատճառելով նիւթական վնասներ:  Տարածքին մէջ գտնուող դաշնակից ուժերու անդամներու շարքէն կորուստի կամ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չկան:

Ըստ լրատուական աղբիւներու, այդ տարածքը ականատես դարձած է հրթիռակոծութեան զուգահեռ ընթացող անօդաչու թռչող սարքերու թռիչքին, առանց մանրամասնութիւններ նշելու վերջինիս՝ ռմբակոծութեան մասնակցութեան մասին:

Զօրակայանին հասցուած հարուածը շփոթի ալիք յառաջացուց տարածքին մէջ գտնուող միջազգային դաշնակից ուժերու անդամներուն մօտ, որոնք վերատեղաւորուեցան՝ վախնալով ռմբակոծութեան երկրորդ ալիքէ:

Լրատուական աղբիւները պարզած են, որ դաշնակից ուժերու եւ սուրիական զինեալ խմբաւորումներու անդամները վերատեղաւորուած են զօրակայանին մօտակայքը, ուրկէ դուրս բերուած շարք մը զրահամեքենաներ՝ մարդկային եւ նիւթական կորուստներէ խուսափելու համար:

Նշենք, որ «Ալ Թանաֆ» զօրակայանին մէջ կայ մօտաւորապէս 200 ամերիկացի, ինչպէս նաեւ քանի մը բրիտանացի զինուորներ:

ԱՄՆ կեդրոնական հրամանատարութեան զինուորական պաշտօնեան հաստատած է, որ զօրակայանը հրթիռային հարուածներու ենթարկուած է, աւելցնելով, որ  մարդակային զոհեր չկան եւ վնասը սահմանափակուած է նիւթականով:

Իր հերթին, սուրիական ընդդիմութեան դիտարանը հաղորդած է, որ պայթիւնի ձայներ լսուած են ամերիկեան ռազմակայանին մէջ՝ Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի սահմանին: