image

Գերշ. Տ. Մեսրոպ Սրբազանի հանդիպումը Օմանի մէջ Լիբանանի դեսպանին հետ

 Գերշ.  Տ. Մեսրոպ Սրբազանի հանդիպումը  Օմանի մէջ Լիբանանի դեսպանին հետ

 Կարեւոր  յանձնառութիւն մը վերցնելով  ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի  Հայոց Թեմերու   բարեջան  Առաջնորդ՝Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան օրերս նախաձեռնած էր իր տեսակին մէջ  առաջինը համարուող   հովուական այց մը  դէպի   Օման։ 

Այս մասին «Արեւելք»  գրած էր աւելի վաղ։

 

Նոյն առումով ալ Թեմի  Դիմատետրեան  էջէն  վերահասու կը դառնանք, որ   Թեմակալ  Առաջնորդը   Մասքաթի մէջ հանդիպում ունեցած է  տեղի Լիբանանի դեսպանին հետ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք   հրապարակուած լրատւութիւնը  յաւելեալ  վերելք եւ նոր  ձեռքբերումներ մաշթելով  Գերշ.  Տ. Մեսրոպ արք.ին։

 

 

Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2022-ին Օման պաշտօնական այցելութեան վերջին օրը Թեմիս Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մեսրոպ Եպս․ Սարգիսեանը ընկերակցութեամբ Ազգ․ Երեսփոխանական Ժողովի անդամ՝ Տիար Մարտօ Յովսէփեանին եւ Մասքաթի հայ գաղութի ներկայացուցիչներու՝ Տիկին Քաթրին Չոլաքեան-Սապպաղի, Տիար Ռաֆֆի Գոզաճեանի եւ Տէր եւ Տիկին Փօլ Գիպրանեանի այցելեցին Մասքաթի Լիբանանեան դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցան Դեսպան՝ Տիար Ալպերդ Սամահին հետ։

Սրբազան Հայրը դեսպանին ծանօթացնելէ ետք զինք ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ներկայացուց  իր Մասքաթ գտնուելու առաքելութիւնը, նշելով տեղւոյն  հայ գաղութը կազմակերպելու   եւ Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ թեմի տարածաշրջանին մաս կազմող այս համայնքին  յատուկ հոգատարութիւն ցուցաբերելու կարեւորութեան։ Ինչպէս նաեւ մատնանշեց Ազգ․ Առաջնորդարանի սերտ համագործակցութիւնը թեմի տարածաշրջանէն ներս գտնուող Լիբանանեան դեսպանատուներուն, եւ մաղթեց, որ նոյն մտերմութիւնը եւ ջերմութիւնը նաեւ ստեղծուի Մասքաթի Լիբանանեան դեսպանատան հետ։

Պրն․ Դեսպանը ողջունեց Սրբազան հօր եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը եւ գովասանքով արտայայտուեցաւ հայ համայնքի մասին, եւ իր ամբողջական պատրաստակամութիւնը յայտնեց նեցուկ կանգնելու գաղութին եւ Ազգ․ Առաջնորդարանի յառաջիկայ բոլոր ծրագիրներուն։

Հանդիպման աւարտին Սրբազան հայրը Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի «Հայ Եկեղեցի» խորագիրը կրող Արաբերէն գիրքէն օրինակ մը նուիրեց դեսպանին։ Նշենք, թէ սոյն հանդիպման ներկայ էր նաև Մարոնիթ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Սրբազան Հայրը իր երկօրեայ այցելութեան ընթացքին նաեւ հանդիպում ունեցաւ Յոյն ուղղափառ եւ Մարոնիթ եկեղեցիներու վարդապետներուն հետ։

Դիւան Ազգ․ Առաջնորդարանի