Թրիփոլիի «Ալ Քըպպէ» շրջանին մէջ շէնքի փլուզում գրանցուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան լրասփիւռներէ։
Մանրամասնութիւններուն մէջ կ՚ըսուի, որ «Տահր Ալ Մըղար» շրջանին մէջ գտնուող երեք յարկանի շէնք մը փուլ եկած է եւ արկածին հետեւանքով մահացած են երկու անձեր, իսկ վիրաւորներուն թիւը հասած է երեքի։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ փլուզման հետեւանքով զոհուած է 2 տարեկան փոքրիկ մը, որ փլուզումէն ետք գտնուած է աւերակներուն տակ ու ծանրօրէն վիրաւորուած ըլլալէ ետք աւանդած է իր հոգին։
Կը նշուի նաեւ, որ ցասումի ալիք մը նկատուած է Թրիփոլիի մէջ, որ կը համարուի Մերձաւոր Արեւելեան կտրուածքով ամէնէն անապահով խաւերու եւ լքուած հասարակութեան հիմնական բնակավայրը։
بالفيديو- إنقاذ سيدة من تحت أنقاض المبنى المنهار في #طرابلس https://t.co/SRnFxlzi0p#عاجل pic.twitter.com/87XIip9guK
— vdlnews - 93.3FM صوت كل لبنان (@sawtkellebnen) June 26, 2022