image
Հրատապ լուրեր:

Քիմ Քարտաշեանը իր միլիոնաւոր հետեւորդներուն ցուցադրած է Սուրբ Ղազար կղզիի հայկական ձեռագրերու հաւաքածուն

Քիմ Քարտաշեանը իր միլիոնաւոր հետեւորդներուն ցուցադրած է Սուրբ Ղազար կղզիի հայկական ձեռագրերու հաւաքածուն

Ամերիկեան հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանն այցելած է Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզի, եւ ընկերային ցանցի իր շուրջ 355 միլիոն հետեւորդներուն ցուցադրած է հայկական ժառանգութիւնը:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Քարտաշեանն «Ինսթակրամ»-ի իր էջի «սթորի» բաժնին մէջ տեղադրած է լուսանկարներ: Լուսանկարներէն մէկը ան մակագրած է՝ «Վենետիկի հայկական կղզին»:

Հեռուստաաստղը ցուցադրած է հայկական հնագիտական աւանդապատկերներ, հայերէն ձեռագրեր, հայկական ձեռագրերու եւ փաստաթուղթերու 3-րդ ամենամեծ հաւաքածուն: