Քիեւին համար 96 ժա՞մ. Ամերիկացի վերլուծաբաններ

Քիեւին համար   96  ժա՞մ. Ամերիկացի   վերլուծաբաններ

Քիեւի ուղղութեամբ Ռուսաստանի զարմանալիօրէն քաոսային յարձակման հետեւանքով հազարաւոր զինուորներ եւ հարիւրաւոր ինքնաշարժներ մի քանի օր շարունակ մնացած են հիւսիս-արեւմուտք ընկած ճանապարհներին, սակայն որոշ ռազմական վերլուծաբաններ կը կարծեն, որ Մոսկուան աստիճանաբար կը յաղթահարէ իր նիւթատեխնիկական խնդիրները եւ կրնայ յարձակում իրականացնել Ուքրանիոյ մայրաքաղաքին ուղղութեամբ այս օրերոգ ընթացքին:

Ուաշինկթընի մէջ գործող Պատերազմի ուսումնասիրման հիմնարկը (Institute for the Study of War) եզրակացուցած է, որ ռուսական ուժերը այժմ «կեդրոնացած են Քիեւի արեւելեան, հիւսիս-արեւմտեան եւ արեւմտեան ծայրամասերուն մէջ»` նախապատրաստուելով «յարձակման մայրաքաղաքին վրայ` առաջիկայ 24-96 ժամուայ ընթացքին»:

Անոր յաջողութիւնը, ընդգծած է վերլուծական կեդրոնը, մասամբ կախուած պիտի ըլլայ անկէ, թէ որքան արդիւնաւէտ կերպով ռուսական զօրքերը պիտի կարենան «վերալիցքաւորուիլ, վերակազմաւորուիլ եւ ծրագրաւորուիլ» նախնական ներխուժումէն յետոյ, որ, փորձագէտներու կարծիքով, ձախողած է որոշ թերութիւններու պատճառով: