Բրիտանական Daily Mail պարբերականը ուշագրաւ տեսանիւթ հրապարակած է, որուն մէջ կ'երեւայ, թէ ինչպէս աֆղան հեռուստամեկնաբանը գրութիւն կը կարդայ՝ շրջապատուած ըլլալով «Թալեպանի» զինուած գրոհայիններով:
Տեսանիւթը եթեր հեռարձակուած է հեռուստատեսութեամբ, երբ թալեպները գրոհած են խմբագրութեան շէնքն ու պահանջած, որ հեռուստամեկնաբանը գովաբանէ «Թալեպան» ծայրայեղական շարժումը:
«Ահա թէ ինչպիսի տեսք ունի քաղաքական բանավէճը Աֆղանիստանի հեռուստատեսութեամբ»,- գրած է BBC-ի թղթակիցներէն մէկը՝ տեսանիւթը հրապարակելով իր թուիթըրեան էջին:
Նշուած է, որ մեկնաբանը կը խօսի նախագահ Աշրաֆ Ղանիի կառավարութեան անկման մասին եւ կը յայտնէ, որ «Իսլամական էմիրութեան» խօսքով՝ աֆղան ժողովուրդը պէտք չէ վախնայ:
42 վայրկեան տեւողութեամբ հոլովակին մէջ, որ միլիոնէ աւելի դիտում ունեցած է, պարզ կ'երեւայ՝ ինչպէս մեկնաբանը լուրերու վերնագրերը կը կարդայ՝ զինուած գրոհայիններու հսկողութեան տակ: