Պոլսոյ Պատրիարքութեան միաբանութեան երէց անդամներէն Տ. Մինաս քհնյ.Ճիհանկիւլեան կնքած է իր մահկանացուն։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն։
Հանրութեան եւ իր հօտին կողմէ սիրուած եւ յարգուած Տէր Հայրը սակաւախօս, կղերական գործին նուիրուած ու իր պարտականութիւններուն գիտակից կրօնաւոր մը եղած է։
Ուշագրաւ է, որ Տ. Մինասը քահանայական ձեռնադրութիւն ստացած է բաւականին մեծ տարիքին՝ 65 տարեկանին ու 23 տարի ալ որպէս հոգեւոր հովիւ հերթաբար ծառայութիւն մատուցած է Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս, Էյուպի Ս. Եղիա եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ։
Նշենք նաեւ, որ 88-ամեայ քահանայ հօր վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնները տեղի ունեցած են այս առաւօտուն ` Պոլսոյ Սամաթիա (որ եղած է վախճանեալ Տէր Հօր ծննդավայրը) հայաշատ շրջանի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը «Քովիտ»ի տարածման պայմաններուն բերումով եղած է շատ սեղմ շրջանակի մը մէջ , իսկ յուղարկաւորութեան արարողութեան նախագահած է եւ յաւուր պատշաճի դամաբանական մը խօսած է Պոլսոյ Տ. Սահակ երկրորդ Պատրիարքը։