«Նոր Մարմարա»էն կը կարդանք՝
Կղզիներու քաղաքապետութեան որոշումով եւ գործադրութեամբ, Գնալըի ափամերձ գօտիներու վրայ քանդուեցան ապօրինի բոլոր շինութիւնները եւ լողափերը մաքրուեցան։
Քաղաքապետութեան աշխատակիցներու միջամտութենէն եւ հաւանական ձգտեալ կացութենէն խուսափելու համար, անոնք որոնք «պիզնըս» ունէին լողափերու մօտ, կազմաքանդեցին շինութիւնները։ Լրատու գործակալութիւնները տեսանիւթեր հրապարակեցին ափամերձ գիծը մաքրելու գործողութիւններէն։