image

Պէյրութի պանդոկները պիտի փակուի՞ն

Պէյրութի պանդոկները պիտի փակուի՞ն

Շատ հաւանական է, որ Պէյրութի առաջնակարգ պանդոկները յառաջիկայ օրերուն փակեն իրենց դռները։

Այս մասին տեղեկացանք  MTV  կայանէն։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ելեկտրականութեան սուր տագնապի առաջացման պատճառով պէյրութեան շարք մը առաջնակարգ պանդոկներու պատասխանատուները, իրենց հիւրերէն խնդրած են լքել իրենց սենեակները։

Կը նշուի նաեւ, որ մազութի սակաւութեան պայմաններուն մէջ նոյնիսկ ելեկտրական անկախ համակարգ ունեցող պանդոկները կրնան մնալ մութի մէջ ու այդ պատճառով ալ նախընտրած են ժամանակաւորապէս փակել իրենց դռները։

Երբեմնի «Մերձաւոր Արեւելքի Փարիզ» համարուող Պէյրութը այս օրերուն կ՚ապրի աննախընթաց տնտեսական տագնապ, որ իր ազդեցութիւնը սկսած է ձգել երկրի ամենատարրական ոլորտներուն վրայ։