image

Պատրաստ ըլլանք երկարատեւ պատերազմի. Սթոլթընպըրկ

Պատրաստ ըլլանք երկարատեւ պատերազմի. Սթոլթընպըրկ

Ցաւօք, մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք Ուքրանիոյ մէջ երկար պատերազմի, որ կրնայ երկարիլ ամիսներ եւ նոյնիսկ տարիներ: Երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ Ուքրանիան չի կրնար պաշտպանուիլ միայն Խորհրդային Միութեան զէնքով եւ պէտք է անցնի ժամանակակից արեւմտեան զէնքի:

 

ՆԱԹՕ-ն կ'աջակցի Ուքրանիոյ, բայց չի պատրաստուիր դառնալ հակամարտութեան կողմ, անհրաժեշտ է խուսափիլ ռազմական գործողութիւններու տարածումէն դէպի այլ երկիրներ։ Այս մասին յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ:

«Ցաւօք, մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք Ուքրանիոյ մէջ երկար պատերազմի, որ կրնայ երկարիլ ամիսներ եւ նոյնիսկ տարիներ: Երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ Ուքրանիան չի կրնար պաշտպանուիլ միայն Խորհրդային Միութեան զէնքով եւ պէտք է անցնի ժամանակակից արեւմտեան զէնքի: Ուքրանիոյ շտապ աւելի շատ ծանր սպառազինութիւն անհրաժեշտ է, Արեւմուտքը պէտք է աշխուժացնէ մատակարարումները», ըսած է ան:

Գլխաւոր քարտուղարին խօսքով՝ պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի հակամարտութիւնը չտարածուի այլ երկիրներ:

«Ուստի մենք ՆԱԹՕ-ի զորքեր չենք ուղարկեր Ուքրանիա,- պարզաբանած է Սթոլթընպըրկը,- մենք կ'աջակցինք այս երկրին, բայց ՆԱԹՕ-ն գիտակցաբար պատերազմի կողմ չի դառնար»: