Պաշտօնական Պաքուն կ'ողջունէ հայ-թրքական բանակցութիւններու մեկնարկը՝ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով, ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովը։
Ան նշած է, որ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի աւարտին ընդունուած համատեղ յայտարարութիւններու եւ պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը այլընտրանք չունի։
«Այսօր տարածաշրջանը պէտք է զարգանայ դէպի խաղաղութիւն եւ կայունութիւն։ Այս նպատակներուն ծառայող միակ ճանապարհը տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է, թշնամանքէն հրաժարիլը, երկրիներու միջեւ վստահութեան ամրապնդումը, տնտեսական կապերու զարգացումը, հաղորդակցութիւններու բացումը եւ պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան միջավայրի ձեւաւորումը: Ուստի մենք կ'ողջունենք եւ կ'աջակցինք Թուրքիոյ նախաձեռնած թուրք-հայկական շփումներու մեկնարկին», ըած է ան: լրատվամիջոցների:
Արտաքին գործոց փոխնախարարը յոյս յայտնած է, որ հայ-թրքական երկխօսութեան մեկնարկը կ'արագացնէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ եռակողմ յայտարարութենէն բխող պարտաւորութիւններու կատարումը։