image

Պաքուի մէջ. Զինեալ միջադէպ. Կայ 3 զոհ

Պաքուի մէջ. Զինեալ միջադէպ. Կայ 3 զոհ

Պաքուի Խազար թաղամասին մէջ երեք ոստիկան եւ մէկ քաղաքացի սպաննուած է, յարձակողին ձերբակալելու փորձի ժամանակ, կը յայտնէ Ատրպէյճանի ՆԳՆ-ն և գլխաոր դատախազութիւնը համատեղ յայտարարութեան մէջ։

 

«Դէպքը տեղի ունեցած է 24 Յունիսին, Պաքուի Խազարի շրջանի Շուվալան գիւղը։ Բազմիցս դատապարտուած եւ ներկայիս հետախուզման մէջ գտնուող Ռովշան Ալլահվերդիեւը զինուած դիմադրութիւն ցոյց տուած է ոստիկաններուն, երբ անոնք փորձեր են ձերբակալել զայն։ Ալլահվերդիեւը սպաննած  երեք ոստիկան եւ մէկ քաղաքացի»։

 

Իրաւապահները կը նշեն, որ Ալլահվերդիեւը փորձած է պահուտիլ իր հետ գտնուող ընտանիքի անդամներու ետեւ, իսկ յետոյ, օգտուելով առիթէն, կրակ բացած է ոստիկաններուն վրայ։ «Ոստիկանութեան ձեռնարկած պատասխան միջոցառումներու արդիւնքով կրակողը սպաննուած է», - կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։

 

Յարուցուած է քրէական գործ եւ կը կատարուի հետաքննութիւն: