image
Հրատապ լուրեր:

Պաղտատ. Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Սրբազան ընդունեց Քաղաքացիական պաշտպանութեան կեդրոնական շրջանի պատուիրակութիւն մը

Պաղտատ. Թեմակալ Առաջնորդ  Գերշ. Տ. Օշական Սրբազան ընդունեց Քաղաքացիական պաշտպանութեան կեդրոնական շրջանի պատուիրակութիւն մը

Պաղտատի մէջ, օրերս Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Կիւլկիւլեան ընդունած է Քաղաքացիական պաշտպանութեան կեդրոնական շրջանի պատուիրակութիւն մը։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հակիրճ հաղորդագրութիւնը՝

Երկուշաբթի օր, Հոկտեմբերի 20-ին,  Առաջնորդ  Սրբազան Հայրը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Կեդրոնական Շրջանի պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ  Պրն. Եուսիֆ Քազեմ Ճասիմի։ Հանդիպման ներկայ եղաւ կեդրոնական վարչութեան անդամ  Պրն. Պերճ Թիւֆէնկճեանը։