ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն չի ծրագրեր այցելել Ուքրանիա: Այս մասին հերթական ճեպազրոյցին յայտարարած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Ճեն Փսաքին:
Միաժամանակ, Փսաքին նշած է, որ եթէ ծրագրուի կազմակերպել ամերիկացի պաշտօնեաներէն ոեւէ մէկուն այցը Ուքրանիա, ապա Ուաշինկթընը, անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով, պիտի չըսէ թէ ով եւ երբ պիտի մեկնի:
Ան յաւելած է, որ ԱՄՆ-ն շաբաթավերջին զէնքով բեռնուած չորս օդանաւ ուղարկած է Ուքրանիա` 800 միլիոն տոլարի ծաւալով օգնութեան նոր փաթեթէն, որու մասին օրերս յայտնած էր Պայտըն:
«Ես այս կ'ըսեմ պարզապէս ձեզի հասկցնելու համար, թէ ինչ ջանքեր կը գործադրենք աւելի շատ օգնութիւն հասցնելու համար», նշած է ԱՄՆ նախագահի մամուլի քարտուղարը:
Փսաքիի խօսքով` Պայտընը մերժած է ԱՄՆ ծերակոյտին մէջ իր համախոհներէն Քրիս Քունսի առաջարկը` զօրքեր ուղարկել Ուքրանիա:
«Նախագահը ծրագրեր չունի զօրքեր ուղարկելու Ուքրանիա` Ռուսաստանի դէմ պատերազմ մղելու համար: Ան չի կարծեր, որ այդ կը բխի ազգային անվտանգութեան, ամերիկեան ժողովուրդի շահերէն», ըսած է Փսաքին:
Ըստ խօսնակին` ԱՄՆ վարչակազմը կեդրոնացած է Քիեւին ռազմական օգնութեան «պատմական ծաւալ» տրամադրելու վրայ` միաժամանակ անոր տնտեսական օգնութիւն տրամադրելով:
«Այդ նաեւ կ'ամրապնդէ ուքրանացիներուն դիրքերը բանակցային սեղանի շուրջ: Եւ անոր զուգահեռ մենք կը ձեւաւորենք տնտեսական պատժամիջոցներու պատմական փաթեթ, որ ունի կործանարար ազդեցութիւն Ռուսաստանի տնտեսութեան վրայ: Ի հարկէ, մենք ուքրանացիներուն կ'աջակցինք բոլոր հասանելի ձեւերով, բայց նախագահը չի պատրաստուիր պատերազմելու Ռուսաստանի հետ», կը կարծէ Սպիտակ տան ներկայացուցիչը: