image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Ասատ. «Սուրիան պատրաստ է ...»

   Նախագահ Ասատ. «Սուրիան պատրաստ է ...»

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ այսօր ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է։ 

 Ասատ ըսած է, որ Սուրիան պատրաստ է բոլոր առումներով հեշտացնել Լիբանանի գործերը։ 

 

 Նշենք, որ Ասատ այս յայտարարութիւնը կատարած է ընդունելէ ետք Լիբանանի տիւրզիները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ  Տիւրզի   կրօնական առաջնորդ ՝ Շէյխ Ղարիպի  եւ  քաղաքական  գործիչներ Թալալ Արսլանի ու Ուիամ Ուահապի։

 

 Ասատ, որ կարեւորած է Տիւրզի համայնքին տեղն ու դերը նոյնպէս անդրադարձած է Սուրիա- Լիբանան համագործակցութեան դրոյթներուն, յոյս յայտնելով, որ երկու երկիրները պիտի կարողանան  յատկապէս ջերմուժի ոլորտին մէջ արդիական ծրագիրներ առաջ տանիլ։

 Յիշեցնենք, որ տիւրզիներու այս այցը կը կայացուի Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարար Զէյնա Աքարի ընդմաէնը մէկ օր առաջ Դամասկոս տուած գործնական այցէն ետք։