image

Միրզոյեան եւ Պայրամով մասնակցած են Ռուպիոյի հրաւիրած ընթրիքին

Միրզոյեան եւ Պայրամով մասնակցած են Ռուպիոյի հրաւիրած ընթրիքին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն Աթլանթեան ընթրիքին հիւրընկալած է Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ անդամ պետութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Զուիցերիոյ եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարները, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէն եւ Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլասը։ Այս մասին յայտնած են Միացեալ Նահանգներու պետքարտուղարությունից:

Արտաքին գործոց նախարարը կարեւորած է խաղաղութեան պահպանման եւ բարգաւաճման համար անդրաթլանթեան գործընկերութեան նշանակութիւնը, խօսած է նաեւ զսպման հնարաւորութիւնները բարձրացնելու նպատակով պաշտպանական ծախսերն աւելցնելու՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պատմական պարտաւորութեան մասին։ Ռուպիոն ընդգծած է Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմին վերջ տալու համար շարունակական դիւանագիտական ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը։

Քննարկուած է նաեւ Չինաստանի վնասակար ազդեցութեան դէմ պայքարի հարցը, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կայունութիւն հաստատելու համատեղ գործակցութիւնը՝ այդ շարքին ապահովելով, որ Իրանը երբեք միջուկային զէնք չմշակէ կամ ձեռք չբերէ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ձեռքբերումները՝ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կայուն խաղաղութեան ճանապարհի վրայ դնելու հարցով։