image

Լիբանանի պաշարումին վե՞րջ

 Լիբանանի  պաշարումին վե՞րջ

 

Անհնար է հաշուի չառնել ու չարձանագրել այն փաստը, որ երէկ տեղի ունեցաւ յանուն «պաշարուած» Լիբանանի։

 Խօսքը իրանեան նաւթատար նաւուն մասին է, որ բեռնաւորուած էր մազութով եւ անցնող ժամերուն հասաւ Սուրիոյ Պանիաս քաղաքի նաւահանգիստ։ 

 

 Անշուշտ այս մասին երէկ երկար ելոյթ մը ունեցաւ «Հըզպալլա»ի առաջնորդը, որ մանրամասններ հաղորդեց հասնող նաւուն եւ գալիք նաւերուն մասին։

 Հիմա շատեր պիտի ըսեն (ու սխալ չեն) որ մէկ նաւ մը ինչ կրնայ ընել լուծելու համար Լիբանանի մէջ առկայ վառելանիւթի մեծ տագնապը, սակայն խնդիրը միայն ատ չէ, այլ աւելին է։ 

 Նասրալլա բաժացիօրէն ըսաւ «որ ամերիկացիք այս քայլով կոտրուեցան, տկարացան ու շատ լաւ գիտէին, որ որեւէ սխալ հակադարձումի մը պատասխան պիտի ստանան ու ետ մղուին..»։

 Այստեղ  շատ կարեւոր է առնել երկու դաս 

 Նախ այն, որ Նասրալլա իր խոստացածը կը կատարէ (ու հալալ է իրեն, որպէս ղեկավարի) եւ երկրորդ, որ այս նաւը, կամ երկու, երեք կամ չորս ու հինգ նաւերը բացին նոր փուլ մը, որուն հիմամբ Ամերիկա համոզումն ունեցաւ, որ Լիբանանի վզին դրուած օղակը ալ չպէտք է սեղմուի։ Կրնայ ըլլալ, որ ամերիկացիք այլ «խաղի» երթան, կամ նոյնիսկ «օգնեն» Իսրայէլին Իրանը հարուածելու համար, բայց կան նշաններ, որ Լիբանանի մէջ դրուած առանցքը եւ կառավարութեան կազմութիւնը (որ ֆրանս-իրանեան նախաձեռնութեամբ է) պիտի բանան լուծումներու նոր ժամանակ մը Լիբանանին համար։ 

 Այս բոլորը կը գրեմ զուտ վերլուծական միտումներով ու նաեւ հեռու  ձգելով եղածը յաղթանակ մը համարելու միտումը, կամ  Իրանի կատարածը «սրբութիւն» մը համարելու վարկածը, որուն պաշտպանողները քիչ չեն։

 Կարեւորն այն է, որ ամերիկացիք նոր դուռ մը կը բանան Լիբանանին համար եւ այդ կ՚ընեն  տարբեր ազդեցութիւններու հիմամբ, որոնց մէջ ալ «Հըզպալլա»ի գործօնը մեծ ազդակ մըն է ու աւելին։

Ըսեմ նաեւ, որ իրանեան «հալալ» մազութը Լիբանանի Պեքաա շրջան պիտի հասնի շնորհիւ սուրիական փոխադրատար ընկերութեանց բանալով  «վերջ պաշարում»ին ընդհանուր նոր խորագիրը։

 

 

Գրառումը՝  Սագօ Արեան  լրագրողի էջ-էն