image

Լիբանանի մէջ. Համացանցի ծառայութիւնը վտանգուած

Լիբանանի մէջ. Համացանցի ծառայութիւնը վտանգուած

Լիբանանի լրատուամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան յանձնաժողովի նախագահ, երեսփոխան Հըսէյն Հաժ Հասան յանձնաժողովի նիստէն յետոյ յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ համացանցը «վտանգուած է» այն բանէն յետոյ, երբ Կեդրոնական դրամատունը դադրեցուցած է տոլար փոխանցել արտասահման՝ օգտագործելու համար։

Հաժ Հասան մատնանշեց, որ «մենք համացանցը կը գնենք տարեկան մօտ 6 միլիոն տոլարով, եւ այսօր կը պահանջուի վճարել 400.000 տոլար, եւ Կեդրոնական դրամատունը որոշած է այն վճարել հարթակին գինով: Հարթակին գինը այսօր 19000 լիրա է, իսկ շուկային գինը՝ 28 հազար, այսինքն՝ կայ 9 հազար լիրայի տարբերութիւն 400 կամ 500 հազար տոլարի վրայ, ուրեմն ո՞վ պիտի փակէ տարբերութիւնը»։

Ան իր խօսքը Կեդրոնական դրամատան ուղղելով ըսած է. «Պէտք չկայ առջեւ փախչելու, դուք վճարեցէք հաշիւը, որպէսզի համացանցը ձեռք բերենք, այլապէս այդ դուրսէն պիտի կասեցուի: Ընկերութիւնները երկար չեն սպասեր, եւ այդ կը սպառնայ համացանցի ամբողջական գոյութեան Լիբանանի մէջ, այս հարցին մէջ կատակ չկայ: Հետեւաբար, այս գումարը պէտք է ամենաշուտ միջոցին վճարուի»։