image

Լիբանանցի դեղագործուհի Լայլա Ռըզքի սպանութիւնը բողոքի մեծ ալիք բարձրացուց

 Լիբանանցի դեղագործուհի Լայլա Ռըզքի  սպանութիւնը բողոքի մեծ ալիք բարձրացուց

 Յիշեցնենք, որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին  Լիբանանի մէջ մեծապէս սկսած են աճ գրանցել քրէական յանցագործութիւնները եւ այդ մասին ալ հանդէս եկած է երկրի ՆԳ նախարարութիւնը, որ այս մասին հրապարակած է յատուկ զեկոյց մը։

 Լիբանանցի դեղագործուհի Լայլա Ռըզքի սպանութեան դէպքը մեծ ցնցում առաջացուցած է երկրին մէջ։

Այս մասին կը կարդանք «Պընթ Ժըպէյլ» կայքին վրայ։ 

Կը նշուի, որ 3 զաւակներու մայր Լայլա Ռըզք երէկ երեկոյեան անարգ ոճիրի մը զոհ դարձած էր լեռնալիբանանի Մըրուժ շրջանին մէջ գտնուող իր տնօրինած դեղարանին մէջ։ Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ դեղագործուհին մորթուած գտնուած է դեղարանին բաղնիքին մէջ։

Ըստ երկրի ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաույի ոճիրը չէ եղած գողութեան նպատակով։ 

Նախարարը նաեւ յայտարարած է, որ յառաջիկայ ժամերուն պիտի բացայայտուի սպանութիւնը իր ամբողջ ծալքերով, իսկ ոճրագործները պիտի կանգնին դատարանի առջեւ։