image

Կը հասկնանք Զելենսքիի հիասթափութիւնը, բայց... Սթոլթընպըրկի շեշտադրումը

Կը  հասկնանք Զելենսքիի  հիասթափութիւնը, բայց... Սթոլթընպըրկի շեշտադրումը

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ ըսած է, որ կը հասկնայ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի եւ ուքրանացի ժողովուրդին հիասթափութիւնը, սակայն նշած է, որ դաշինքին համար կարեւոր է խուսափիլ իրավիճակի մագլցումէն:

Սթոլթընպըրկ հաւաստիացուցած է, որ դաշինքը կ'աջակցի Ուքրանիոյ եւ միեւնոյն ժամանակ զգուշացում ըրած է հակամարտութեան ընդլայնման դէմ:

«Մենք մեծցուցած ենք մեր ռազմական եւ ֆինանսական աջակցութիւնը. Գերմանիան առանցքային դեր կը խաղայ այդ ջանքերուն մէջ», ըսած է ան:

Նաեւ «աննախադէպ պատժամիջոցներու» պատճառով Ռուսաստանը, անոր խօսքով, պէտք է «բարձր գին» վճարէ պատերազմին համար:

«Ես կը հասկնամ նախագահ Զելենսքիի եւ ուքրանացի ժողովուրդին հիասթափութիւնը, քանի որ անոնք դարձած են նախագահ Փութինի զաւթիչ զօրքերու հետ դաժան, անիմաստ պատերազմի զոհերը», յաւելած է Սթոլթընպըրկ:

Միաժամանակ, ըստ անոր, անհրաժեշտ է ապահովել, որ այս հակամարտութիւնը դուրս չգայ վերահսկողութենէն եւ չանցնի Ուքրանիոյ սահմաններէն դուրս: