Միջուկային պատերազմի վտանգներն այժմ շատ իրական են, այդ վտանգը կարելի չէ թերագնահատել, կան շատերը, որոնք պատրաստ են արհեստականօրէն ուռճացնելու այդ սպառնալիքը: Այս մասին ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Ան յիշեցուցած է, որ Յունուարին «միջուկային հնգեակի» երկրները վերահաստատած են այդ զէնքերու կիրառման անթոյլատրելիութեան մասին թեզը:
«Սա մեր սկզբունքային դիրքորոշումն է, մենք կը մեկնինք անկէ, եւ հիմա չէի փափաքիր, որ երբ... վտանգներն իսկապէս շատ են ու էական, արհեստականօրէն ուռճացուէին այս վտանգները: Վտանգը լուրջ է, իրական է, այն կարելի չէ թերագնահատել», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան ղեկավարը:
Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ արեւմտեան երկիրները իրենց զօրքերը չեն ուղարկեր Ուքրանիա:
«Որեւէ պարագայի պէտք չէ թոյլ տանք Երրորդ Համաշխարհային պատերազմ, այս ծիրին մէջ կը դիտարկուին Զելենսքիի եւ անոր խումբի մշտական սադրանքները, որոնք կը պահանջեն ՆԱԹՕ-ի զօրքեր մտցնել Ուքրանիոյ կառավարութիւնը պաշտպանելու համար: Եւ բոլորը միշտ կ'ըսեն, որ զէնք պիտի տան, ինչ որ, ի հարկէ, նաեւ կրակի վրայ իւղ կը լեցնէ: Անոնք այս զէնքի մատակարարումներով կ'ուզեն ստիպել ուքրանացիներուն կռուիլ Ռուսաստանի հետ մինչեւ վերջին զինուորը, միայն թէ այս հակամարտութիւնը երկարի, միայն թէ Ռուսաստանը անկէ աւելի ու աւելի տուժէ, որու յոյսով են իրենք», ըսած է Լաւրով:
Միաժամանակ ան նշած է, որ ՆԱԹՕ-ի երկիրներու բոլոր առաջնորդները կը բացառեն դաշինքին ներգրաւումը Ռուսաստանի հետ ուղիղ բախման մէջ, բացառութեամբ Լեհաստանի ղեկավարութեան: