image
Հրատապ լուրեր:

Խէրսոնը Ռուսիոյ միանալու համար հանրաքուէ պիտի կայացնէ

Խէրսոնը  Ռուսիոյ միանալու համար հանրաքուէ  պիտի կայացնէ

Ուքրանիոյ Խէրսոնի մարզի (ներկաիս կը գտնուի ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան տակ) իշխանութիւնները սկսած են նախապատրաստուել հանրաքուէի, որ պիտի որոշէ տարածաշրջանը Ռուսիոյ Դաշնութեան միացնելու հարցը, յայտարարած է մարզի ռազմաքաղաքացիական վարչակազմի  ղեկավարի տեղակալ Քիրիլ Սթրեմուսով:

Մարզի իշխանութիւնները հանրաքուէի նախապատրաստման համար սկսած են տարածաշրջանին մէջ բնակողներու հաշուառման գործընթացը, յաւելած է Սթրեմուսովը:

Խէրսոնի մարզը կը գտնուի Ուքրանիոյ հարաւը` սահմանակից է Խրիմին: Մարտի կէսերուն Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ մարզը կը գտնուի ռուսական զօրքերու ամբողջական վերահսկողութեան տակ: Ապրիլի վերջին մարզին մէջ ձեւաւորուած է ռազմաքաղաքացիական վարչակազմ: