Կազայի հատուածին մէջ ցամաքային գործողութեան մեկնարկէն ի վեր զոհուած իսրայէլացի զինուորականներու թիւը հասած է 44-ի:
Այս մասին յայտնած է Times of Israel թերթը՝ յղում ընելով Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակին։
«Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտնած է, որ եւս երկու զինուորական զոհուած է Կազայի հատուածի հիւսիսային շրջանին մէջ ընթացող մարտերուն ընթացքին, որու հետեւանքով ՀԱՄԱՍ-ի դէմ ցամաքային գործողութեան ընթացքին զոհուածներու թիւը հասած է 44-ի», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ։