image

Կազայի մէջ զոհերու թիւը անցած է 14,500-ը

Կազայի մէջ զոհերու  թիւը անցած է 14,500-ը

Կազայի հատուածին մէջ հոկտեմբեր 7-էն առ այսօր զոհուած է առնուազն 14,532 մարդ։ Այս մասին յայտնած է Al Jazeera հեռուսատաալիքը՝ յղում ընելով պաղեստինեան անկլաւի իշխանութիւններուն։

Հեռուստաալիքի տուեալներով՝ զոհերու շարքին  կայ շուրջ 6000 երեխայ եւ շուրջ 4000 կին։

Առնուազն 7000 մարդ Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի գնդակոծութեննրէն ետք կը համարուի անհետ կորսուած։ Ընդ որում՝ անոնց շարքին շուրջ 4,7 հազարը կանայք են ու երեխաներ։ Հակամարտութեան սրումէն ի վեր տուժած է առնուազն 35 հազար մարդ։

Վերջին տուեալներով՝ զոհերու շարքին կայ 205 բուժաշխատող, 64 լրագրող եւ տեղի քաղաքացիական պաշտպանութեան համակարգի 25 ներկայացուցիչ։