image

Իսրայէլ սպաննած է 4 պաղեստինցիներ

Իսրայէլ սպաննած է 4 պաղեստինցիներ

Յորդանան գետի արեւմտեան ափին չորս պաղեստինցի զոհուած է իսրայէլական գրոհի հետեւանքով:

Իսրայէլցի զինուորականները առաւօտեան գործողութիւն իրականացուցած են այդ շրջանին մէջ դիմադրութեան աքթիվիսթները բերման ենթարկելու համար: Պաղեստինցիներու խումբը ռազմական դիմադրութիւն ցոյց տուած է Ճենինի եւ Ռամալլայի արուարձաններուն մէջ: Բախումներու հետեւանքով չորս մարդ զոհուած է, քանի մը հատ ալ վիրաւորուած է:

Al Jazeera-ի թղթակիցին խօսքով՝ կրակի փոխանակման ժամանակ վիրաւորուած է նաեւ երկու իսրայէլցի զինուոր: Իսրայէլական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ բանակին գրոհները նպատակ ունեցած են ձերբակալել ՀԱՄԱՍ-ի զինեալները: