Իսրայէլի եւ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման բանակցողները նախնական համաձայնութեան եկած են պատանդներու ազատ արձակման շուրջ, այժմ Իսրայէլի իշխանութիւնները պէտք է հաւանութիւն տան ատոր։ Այս մասին յայտնած է NBC հեռուստատեսութիւնը՝ վկայակոչելով ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաները։
Անոնց խօսքով՝ նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերուած է ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ պահուող 50 կիներ եւ երեխաները մօտ 150 պաղեստինցի բանտարկեալներու հետ փոխանակելու շուրջ: Ինչպէս նշուած է, թիւը դեռ կը ճշդուի։
Բացի այդ, ըստ համաձայնագրի, կողմերը կրնան յայտարարել չորսէն հինգ օրով զինադադար հաստատելու եւ Կազայի հատուած վառելիք առաքելու մասին։
Ինչպէս նշած է աղբիւրը, Իսրայէլն ինքը պիտի ընտրէ՝ որ բանտարկեալները ազատ կարձակէ։