image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը մեկնած է Պէյրութ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը մեկնած է Պէյրութ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին յունուար 8-ի առաւօտեան մեկնած է Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութ։

Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով իրանական IRNA լրատուական գործակալութիւնը, այցի շրջածիրէն ներս Արաքչին պիտի հանդիպի Լիբանանը ներկայացնող բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ քննարկելու երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շրջանակ։

Նախօրէին կառավարութեան նիստին խօսելով լրագրողներու հետ՝ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարն ընդգծած էր իրանեան կողմի յանձնառութիւնը Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները ընդլայնելու հարցով՝ նշելով, որ տնտեսական համագործակցութեան հարցը կեդրոնական պիտի ըլլայ յառաջիկայ այցի ընթացքին։