Շաբաթներ առաջ «Հըզպալլա»ի կողմէ խոստացուած իրանեան մազութը այսօր հասած է Լիբանան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Էլ Նաշրա» կայքէն։
Աղբիւրը նաեւ ներկայացուցած է մազութ փոխադրող սուրիական ընկերութեան մը փոխադրակառքերու շարասիւնին տեսանիւթը եւ ըստ հաղորդուած տեղեկութեանց շարասիւնը Լիբանան մուտք գործած է ու հասած Հըրմէլի շրջան։
Մազութի բաժանումին կամ յետագային ըլլալիք կարգադրութիւններուն մասին ցարդ տեղեկութիւն չի հաղորդուիր։
Յիշեցնենք նաեւ, որ «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա յայտարարած էր, որ մազութը պիտի բաժնուի ձրիօրէն եւ առաջնահերթութիւնը պիտի տրուի հանրօգուտ մարմիններուն եւ հիւանդանոցներուն։