Իրանի Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգի հիւսիսը երկրորդ օրն է կը շարունակուին Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի ցամաքային զօրքերու զօրավարժութիւնները։
Ինչպէս գրած է mehrnews.com-ը, երեքշաբթի առաւօտեան զօրավարժութիւններու տարածք ուղարկուած են նաեւ ցամաքային զօրքերու այլ ստորաբաժանումներ։
Արասի շրջանի զօրավարժութիւններու տարածք կ'ուղարկուին բոլոր տեսակի հրասայլեր, թնդանօթներ, զրահամեքենայ, հրթիռային ստորաբաժանումներ, օժանդակ մեքենաներ եւ այլ տեխնիկա։
Զօրավարժութիւններու երկրորդ օրը զօրավարժութիւններու տարածք այցելած է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի ցամաքային զօրքերու հրամանատար՝ զօր. Մոհամմատ Փաքփուրը։
Զօրավարժութիւններու ընթացքին ցուցադրուած են Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի ցամաքային ուժերու վերջին առաջադէմ, արդի եւ ժամանակակից սարքաւորումները։
Զօրավարժութիւնները ամէնամեայ առաքելութեան մէկ մասն են, որ ուղղուած է ցամաքային ուժերու մարտունակութեան բարձրացման:
Զօրավարժութիւններու ուղերձը հարեւան երկիրներուն խաղաղութիւնն ու բարեկամութիւնը եւ կայուն անվտանգութեան ամրապնդումն է, իսկ թշնամիներուն՝ յայտարարելու Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի ցամաքային ուժերու պատրաստակամութեան մասին՝ այլ զինուած ուժերու հետ միասին պաշտպանելու երկրի սահմանները եւ վճռականօրէն արձագանգելու ցանկացած սպառնալիքի, ըսած է Փաքփուրը:
Տեսանիւթը կրնաք դիտել այստեղ: