image

Իրան կրնայ առնուազն կէս տարի բուռն պատերազմ վարել. ԻՀՊԿ

Իրան կրնայ առնուազն կէս տարի բուռն պատերազմ վարել. ԻՀՊԿ

 

Իրան ի վիճակի է առնուազն վեց ամիս տեւողութեամբ սաստիկ մարտական գործողութիւններ վարելու, յայտարարած է Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ներկայացուցիչ Ալի Մոհամմատ Նայինին։

«Իրանի զինուած ուժերը ի վիճակի են ներկայիս թափով առնուազն վեց ամիս սաստիկ պատերազմ վարելու»,– ըսած է Նայէնի, որուն մեկնաբանութիւնը հրապարակած է Իրանի պետական հեռուստառատիոն։

Անոր խօսքով՝ Իրանի զինուած ուժերու զինանոցը կը ներառէ ծանր, պալիսթիք եւ թեւաւոր հրթիռներ, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի անօդաչու թռչող սարքեր ու հարուածային նաւեր, եւ պատրաստ է լայնածաւալ ու երկարատեւ պատերազմի վարուելու։

«Անհանգստութեան առիթ չկայ»,– աւելցուցած է ան՝ նշելով, որ Իրան մօտ օրերուն մտադիր է օգտագործել աւելի առաջադէմ եւ մինչ այժմ առանձնապէս չկիրառուած հեռահար հրթիռներ։