25 Յուլիսին՝ ժամը 13։20-ին, հրդեհ բռկած է Երեւանի Դաւթաշէն թաղամասի 7-րդ փողոցի տուներէն մէկուն մէջ։ Այս մասին ահազանգ ստացուած է Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն:
Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն երեք մարտական հաշուարկ, Հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժնի հերթապահ եւ Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնի դաշտային խումբերը։
Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 13։56-ին՝ մարած՝ 15։17-ին։