Հանրապետութեան տարածքը կը շարունակէ գտնուիլ Արաբական թերակղզիի շրջաններէն արեւադարձային տաք օդային հոսանքներու ազդեցութեան գօտիին մէջ:
ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարարութեան օդերեւութաբանութեան կեդրոնը կը տեղեկացնէ, որ Արարատեան դաշտի, Արագածոտնի, Վայոց ձորի նախալեռնային գօտիներու եւ Երեւանի մէջ 15-20 յուլիսի ցերեկային ժամերուն օդի ջերմաստիճանը պիտի հասնի +39…+42 աստիճանի։ Հանրապետութեան հովտային եւ նախալեռնային գօտիներուն մէջ կը սպասուի նաեւ բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ: Անդրմանիշակագոյն ճառագայթման ցուցանիշը կը կանխատեսու չափանիշէն բարձր։ Խորհուրդ կը տրուի ժամը 11։00-էն մինչեւ 17։00-ն ինկած ժամանակահատուածին խուսափիլ արեւի ուղիղ ճառագայթներէն։
Մարզերուն մէջ 16-20 յուլիսին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Քամին՝ հարաւարեւելեան 2-5մ/վ: Արմաւիրի, Արագածոտնի եւ Կոտայքի նախալեռներուն մէջ երեկոյեան ժամերուն կը սպասուի քամիի ուժգնացում 15-18մ/վ։ Օդի ջերմաստիճանը 16-17 յուլիսին պիտի բարձրանայ 2-4 աստիճանով։
Մայրաքաղաքին մէջ 16-20 յուլիսին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ, երեկոյեան ժամերուն կը սպասուի քամիի ուժգնացում 10-12 մ/վ արագութեամբ:
Արցախի մէջ 15 եւ 16 յուլիսին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։