image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան եթէ փորձէ ժամանակ ձգձգել, պիտի զղջայ. Ալիեւ

Հայաստան եթէ փորձէ ժամանակ ձգձգել, պիտի զղջայ. Ալիեւ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Արցախի բռնագրաւուած Քարվաճառի շրջանի զօրամասերէն մէկուն մէջ յայտարարած է, որ «պատերազմէն յետոյ ատրպէյճանական բանակ աւելի զօրացած է թէ՛ մատակարարումներու, թէ՛ մարտունակութեան առումով»:

«Մենք պիտի շարունակենք լուրջ քայլերու ձեռնարկել մեր բանակը զարգացնելու ուղղութեամբ: Նոր պայմանագրեր կնքուած են ամենաժամանակակից զէնքի գնման համար: Այդ պայմանագրերը արդէն ընթացքի մէջ են, նոր սպառազինութիւններ ու ամենաժամանակակից սարքեր կը մատակարարուին ու պիտի մատակարարուին Ատրպէյճանին: Մեր դիրքերը Հայաստանի հետ սահմանին աւելի պիտի ամրապնդուին: Եթէ Հայաստանը սահմաններու յստակացման հարցով կրկին դիմէ իր մարտավարութեան, փորձէ ժամանակ ձգձգել, ապա ի վերջոյ պիտի զղջայ: Մենք ուշադիր կը հետեւինք ռեւանշիստական ուժերու գործողութիւններուն, որոնք կը փորձեն գլուխ բարձրացնել Հայաստանի մէջ», ըսած է Ալիեւ: