Կիպրոսի Հանրապետութեան հանրային «ՌԻԿ» հեռուստաընկերութեան լուրերու գլխաւոր թողարկման ընթացքին անդրադարձ եղած է Կիպրոսի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի Կիպրոսի Հանրապետութիւն կատարած առաջին պաշտօնական այցին, ինչպէս նաեւ հեռուստաընկերութեան տնօրինութեան եւ տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Միխալիս Միխաիլի հետ հանդիպման:
Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիմատետրեան էջէն կը տեղեկանանք, որ հեռուստաընկերութեան տնօրինութեան եւ տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Միխալիս Միխաիլի հետ հանդիպման ժամանակ դեսպան Մկրտչեանն ընդգծած է, որ երկու երկիրներու միջեւ առկայ են երկարամեայ սերտ յարաբերութիւններ՝ յոյս յայտնելով, որ մօտ ապագային հնարաւորութիւն կ'ընձեռնուի փոխադարձութեան սկզբունքով դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ բանալ երկու երկիրներու մայրաքաղաքներուն՝ Երեւանի եւ Նիկոսիոյ մէջ:
Դեսպանը նշած է նաեւ, որ գալիք տարի ՀՀ կը ծրագրէ դիւանագիտական գրասենեակ բանալ Կիպրոսի մէջ, որ պիտի ներկայացուի հայ դիւանագէտի կողմէ՝ յոյս յայտնելով, որ մօտ ապագային նաեւ Կիպրոսը դիւանագիտական գրասենեակ կը բանայ Հայաստանի մէջ: