image

Համաս կորսնցուցած է Կազայէն կարեւոր հատուած մը

 Համաս կորսնցուցած է Կազայէն կարեւոր հատուած մը

Պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումը կորսնցուցած է վերահսկողութիւնը Կազայի հատուածի հիւսիսային շրջանին մէջ։ Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի մամուլի խօսնակ Տանիէլ Հակարին։

«Այսօր մենք տեսանք, որ Կազայի մօտ 50 հազար բնակիչ հիւսիսէն դէպի հարաւ տեղափոխուած է։ Անոնք կը հեռանան (անկլաւի հիւսիսէն - խմբ․), քանի որ կը հասկնան, որ ՀԱՄԱՍ-ը կորսնցուցած է վերահսկողութիւնը Կազայի հիւսիսի մէջ, եւ որ այնտեղ՝ հարաւի մէջ աւելի ապահով թաղամաս կայ, ուր դեղորայք, սնունդ եւ ջուր կը մատակարարեն»,- նշած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի խօսնակը։

Նախօրէին պաղեստինեան տարածքներու մէջ Իսրայէլի կառավարութեան գործողութիւններու համակարգողի գրասենեակը յայտնած էր, որ հազարաւոր մարդիկ մարդասիրական միջանցքով տեղափոխուած են անկլաւի հիւսիսէն հարաւ։

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը ամէն օր Կազայի բնակիչներուն կոչ կ՚ընէ հիւսիսէն տեղափոխուելու Եգիպտոսի հետ սահմանին մօտ գտնուող հարաւային թաղամասեր՝ ռմբակոծութիւններէ խուսափելու համար, իսկ վերջին օրերուն այդ նպատակով նոյնիսկ մարդասիրական միջանցք կը գործէ։