image

ՀԱՄԱՍ հրապարակած է այն մարդոց ցուցակը, որոնք կրնան լքել Կազայի հատուածը. Bloomberg

ՀԱՄԱՍ հրապարակած է այն մարդոց ցուցակը, որոնք կրնան լքել Կազայի հատուածը. Bloomberg

Պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումը հրապարակած է այն մարդոց ցուցակը, որոնք կրնան դուրս գալ Կազայի հատուածէն եւ մեկնիլ Եգիպտոս: Խօսքը Կարմիր խաչի աշխատակիցներու, Աւստրալիոյ, Աւստրիոյ, Յորդանանի եւ Ինտոնեզիոյ քաղաքացիներու մասին է, յայտնած է Bloomberg-ը։

Նշուած է, որ ցուցակին մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ չկան։

Նշուած է նաեւ, որ 81 վիրաւոր պաղեստինցի կը պատրաստուին անցնիլ Ռաֆահ սահմանային անցակէտով՝ Եգիպտոսի հիւանդանոցներուն մէջ բուժուելու համար։