image

Հակառակ ծանր պաշարումին. Սուրիոյ ժողովուրդը անկոտրելի է

Հակառակ ծանր պաշարումին. Սուրիոյ ժողովուրդը անկոտրելի է

Սուրիոյ մէջ առկայ տնտեսական տագնապը, որ առաւելաբար ունի քաղաքական ենթախորք կը շարունակուի «մեծ թափով»։

Մտահոգիչ է այն վարկածը, որ սուրիացիներու մեծ-մեծամասնութեան համար անցեալին պատկանող պատերազմական օրերը կը դիտուին որպէս շատ աւելի լաւ օրեր, քան ինչ, որ այսօր կը տիրէ այդ վիրաւոր երկրին մէջ։

Անշուշտ մեծ տեղաշարժեր են հարկաւոր, որպէսզի երկրի տնտեսութիւնը սկսի շնչել ու յոյսի մեծ երանգ մը տալ քաղաքացիներուն, որոնք աչքի առնելով այս ամբողջ տագնապն ու ցաւը վճռած են իրենց կեանքը շարունակել Սուրիոյ մէջ։

Միւս կողմէ յստակ է, Ամերիկեան «կանաչ լոյս»ի բացակայութեան պայմաններուն տակ Դամասկոսի նկատմամբ արաբական որեւէ նախաձեռնութիւն պիտի մնայ թերի եւ ոչ ամբողջական։

Հետեւաբար այս պայմաններուն ներքեւ եւ Սուրիոյ դէմ բացայայտ կերպով յղացուած ու մաշումի տանող քաղաքականութիւնը կրնայ շարունակուիլ այնքան ժամանակով, ինչքան «կը պահանջէ» խաղի գլխաւոր տէրը՝ Միացեալ Նահանգները։

Ինչ հասկնալ այս փուլին եւ ինչ պիտի օգտուի ԱՄՆ-ը, եթէ ըսենք այս կարծր քաղաքականութիւնը շարունակուի, սղաճը աւելնայ, մարդկային տարրական պայմանները չքանան ու քաղաքացին յայտնուի ամենածանր դրութեան մը մէջ։

Պարզապէս ոչինչ. այո ոչինչ պիտի հասկնան Սուրիոյ թշնամիները, որոնք իրենց գրաւը դրած են ներքին արիւնահոսութեան նոր փուլի մը վրայ, որուն հիմնական բաղկացուցիչները կը պակսին։

Ժամանակ շահիլ մըն է ուրեմն, ի տես այն մարդկային ներուժին, որ ամէն առթիւ աւելիով կ՚աճի ոտքի կը հանէ, Սուրիան իբրեւ իսկական միաւոր եւ մղիչ ուժ , որ պատրաստ պիտի ըլլայ մասնակցիլ Մերձաւոր Արեւելեան մեծ տեղաշարժերուն։

Իսկ ամենաէականը այն է, որ այս փուլին դիմացողը, եւ մատները չկրճտողն է, որ երկիրը պիտի առաջնորդէ նոր հարթութեան, որ նաեւ պիտի իմաստաւորուի Սուրիան իր նախկին եւ բաւական յառաջապահ դիրքի մը տանելու ունակութիւնը։

Այդ ունակութիւնը եւ այդ բանալին կը գտնուի Սուրիացի ժողովուրդին ձեռքը, որ հակառակ տաս եւ աւելի տարիներու խաչելութեան, կը շարունակէ մնալ անդուլ, կը շարունակէ մնալ պայքարող ու ամենակարեւորը՝ արարող։

Ի դէպ այս գրութեան տուն տուող հիմնական պատճառը միայն սղաճը չէ, ոչ ալ ամերիկեան տոլարի սակին 50 ոսկիէն 6  հազարի հասնիլը, այլ մարդկային այն ծանր վիճակները, որմէ կ՚անցնի հայութեան համար երբեմնի  ապաստան եւ փրկութեան լաստ հանդիսացած հիւրընկալ այդ երկիրը, որուն իրական տէրերն ու նուիրեալները անոր հայրենասէր բնակիչներն են (որոնց մէջ ալ անշուշտ մեր հայրենակից հայերը, որոնք ամենաբարդը եւ ամենալեղին համտեսելով չհեռացան այդ հողէն)։

Հետեւաբար՝ յարգանք անոնց։

 

«Ա»