image

Գոռ Յարութիւնեան դուրս եկաւ «Իմ Քայլը» խմբակցութենէն

Գոռ Յարութիւնեան դուրս եկաւ «Իմ Քայլը» խմբակցութենէն

Սիրելի´ հայրենակիցներ, կը վերահաստատեմ, որ ինծի համար ազգային համերաշխութիւնն ու միասնութիւնը, ներքաղաքական կայունութիւնը անքննելի առաջնահերթութիւններ են: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգմաւոր Գոռ Գէորգեանը:

Ան, մասնաւորապէս, նշած է. «Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած խնդիրներու համակարգային լուծումներուն կարելի է հասնիլ միայն համազգային համախմբման, ներքաղաքական կայունութեան եւ ՀՀ Սահմանդրութեան անվերապահօրէն հետեւելով:

Այս օրերուն փորձեր եմ ջանքերս ուղղել գործընկերներուս հետ երկխօսելու, ստեղծուած իրավիճակը սթափ գնահատելու եւ մեր Պետութեան համար առաւել արդիւնաւէտ լուծումներ գտնելու գործին», աւելցնելով, որ առկայ սկզբունքային տարաձայնութիւններէ ելլելով` որոշում կայացուցած է դուրս գալ «Իմ քայլը» խմբակցութենէն` որպէս անկախ պատգամաւոր շարունակելով ընտրողներուն առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը:

«Կը կիսեմ ժողովուրդիս ցաւն ու վիշտը, խոնարհումս բոլոր նահատակներու շիրիմներուն, հերոս մարտիկներուն եւ Հայոց բանակին»,-գրած է ան: